C#m
Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան,
C#m F#m H C#m
Անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան.
C#m F#m F# A F#
Կրակն ու սուրը եւ անխիղճ թալան
C#m F# A D C#m
Ռուբինեանց տունը ա՜խ, ըրին վերան։

Րոպէ մը չանցաւ ՚ ու հայոց խեղճեր,
Ինկան սուրին տակ խուժանին ահեղ,
Ժամեր ու դպրոցք բոցի մէջ կորան,
Բիւրաւոր հայեր անխնայ մեռան։

Պարապ էր աւա՜ղ, հարուստ Ատանան,
Մոխիր էր դարձէր ամբողջ Կիլիկիան.
Միայն ապրեցաւ Հաճընը սիրուն,
Ինչու չի շարժիր ապառաժ Զէյթուն։

Ցերեկ ու գիշեր կրակը մէջէն,
Թշնամուն սուրը, գնդակը դրսէն,
Ջնջեցին հայը երկրին երեսէն,
Արիւն կը վազէ մեր ջինջ գետերէն։
Vahag Rush adana – lyrics and chords

 
© 2011 Armenian Music Chords All rights reserved.